Մանուշակ Շիրինեան, «Հուշերի Արահետներով» ժողովածոյին հեղինակը, մշակութային լրագրողն ու ասմունքող ըլլալէ առաջ՝ Մայր է, որուն համար գիրքը կը հարստացնէ իր ներաշխարհը
Ծնածէ Վրաստան, բայց արդէն մէկ տարեկանին ծնողքին հետ փոխադրուած է եւ հաստատուած են Երեւան: Աւարտած է Երեւանի թիւ 148 միջնակարգ դպրոցը, (այժմ Մուշեղ Գալշոյեան) իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժնէն:
Ուսանողական շրջանին աշխատած է Հանրային ռատիոկայանը, վարելով մանկական հաղորդումներ:
Համալսարանը աւարտելէ ետք կը շարունակէ իր աշխատանքը Հանրային ռատիոկայանը: Տարիներ շարունակ կը վարէ «Հուշանկիւն» հաղորդաշարը, ներկայացնելով հայ եւ համաշխարհային մեծ դէմքերուն:
Ասմունքի սկսած կանուխ հասակէն: 2013 թուականին կը ստանայ իր իսկական թռիչքը երբ կը ներկայացնէ «Պոյէզայի Արահետներով) գրական – երաժշտական երեկոյ, Առնո Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ:
Մանուշակ հանդիսատեսներուն կողմէ կընդունուի ջերմ, բուռն եւ անկեղծ կերպով, որոնք մեծ ուրախութիւն կը պատճառէն իրեն:
Յաջողութեան արձագանգները շուտով կը լսուին աշխարհի զանազան երկիրներէն: Գնահատական կարծիքներու կ՛արժանանայ ասմունքը սիրող ունկնդիր ժողովուրդէն, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր արուեստագէտներու կողմէ:
2010 թուականին կը հրատարակէ «Հուշերի Արահետներով» գիրքը, որ իր տեսակին մէջ բաւական հետաքրքրական վիճակ կը ստանայ:
Մանուշակ, գրքին մէջ ներկայացուցած է մօտաւորապէս 60 հայ եւ համաշխարհային մեծ դէմքեր (Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Բեթհովեն, Ժուզէֆ Վերդի, Վահրամ Փափազեան, Հրաչիա Ներսիսեան, Ավետիք Իսահակեան, Եղիշէ Չարենց, Նար-Դոս, Հրաչյա Աճառեան, Մանուկ Աբեղեան, Յովհաննէս Այվազովսկի, Մարտիրոս Սարեան, Մինաս Ավետիսեան եւ շատ մը ուրիշ դէմքեր): Նշենք թէ «Հուշերու Արահետներով» գիրքը մեծ համբաւ ստացաւ ինչպէս նաեւ «Պոյեզայի Արահետներով» երեկոն, որոնց մասին Հանրապետութեան մէջ եւ Սփիւռքի տարածաշրջանին:
«Ազդակ» եւ «Զարթօնք» Լիբանանեան թերթերը գրեցին, «168 ժամ», «Ազգ», «Առաւօտ» Հայրենիքի թերթերը նոյնպէս անդրադարձան:
Մանուշակ Շիրինեան, «Հուշերի Արահետներով» ժողովածոյին հեղինակը, մշակութային լրագրողն ու ասմունքող ըլլալէ առաջ՝ Մայր է, որուն համար գիրքը կը հարստացնէ իր ներաշխարհը, մանաւանդ որ Մանուշակը այս գիրքը նուիրած է իր հոգիի գանձերուն, իր երկու որդիներուն՝ Էդկարին եւ Կարէնին:
Կանթեղի ընտանիքը, իր խմբակիցներով եւ ընկերներով, յաջողութիւն կը մաղթեն Մանուշակին իր ապագայի նկատմամբ ծրագիրներուն:
Պատրաստեց՝
ԱԲԻԿ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Գանատա. 02. Հոկտեմբեր. 2018