Հետաքրքրական ժամանակներ են` տարբեր պետութիւններու ղեկավարներ սկսած են մամուլի միջոցով ուղղակիօրէն շփում ունենալ սեփական և միմեանց ժողովուրդներուն հետ: Մէկը` իւրայիններուն կը բացատրէ, թէ ինչով իրենք բացառիկ են, միւսը օտարներուն կը համոզէ, որ սեփական բացառիկութեան քարոզն ընելը դէմ է Աստծոյ նախաստեղծ կամքին, երրորդն ալ, օգտուելով առիթէն բոլորին կոչ կընէ հաշտ ու համերաշխ ապրիլ և համատեղ ուժերով լուծել բոլոր ծագող խնդիրները, յաղթահարել մարդկութեան հազարամեակներ շարունակ խանգարող ազգամիջեան ու միջպետական հակասութիւնները: Այս ամենէն գէշ հոտ կու գայ` ակնյայտ է, որ անգամ գերտէրութիւններու ղեկավարներն ապակողմնորոշուած ու տագնապած են: Այս գաղափարախօսական, առայժմ անվնաս, մենամարտերուն զուգահեռ կընթանայ նոր` միջպետական դաշինքի կարգավիճակ ունեցող գերմիաւորի ձևաւորումը, որ ինչ-որ պահի կրնայ ունենալ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ներկայիս նախաձեռնողներուն իր կամքը պարտադրելու իրական հնարաւորութիւն և այս գործընթացի մասին է վերը նշուած բանաձևումները հանրութեան ներկայացնելու ցանկության իրական առարկայական գործօնը: Աշխարհի մէջ սկսած է ձևաւորուիլ մեծամասնութեան դաշինքն ընդդէմ փոքրամասնութեան կառավարման մենաշնորհի: Ուժերու ներկայիս դասաւորութեան մէջ մեծամասնութեան դաշինքն ունի բնակչութեան ակնյայտ քանակական առաւելութիւն, մինչդեռ կառավարող փոքրամասնութիւնն օժտուած է աշխարհայեացքային բացառիկ առաւելութեամբ, որ հիմնուած է նաև դրամի եւ տեխնիկական միջոցներու պատկառելի ներուժի վրայ: Այս ամէնը թոյլ կու տան ենթադրել, որ մեծ բախումէն խուսափելու համար ներկայիս կառավարիչները ստիպուած պէտք է շարունակեն փոքր բախումներու շարքը` անոնց մէջ ընդգրկելով նոր տարածաշրջաններ ու պետութիւններ:
Արման Մելիքյանի ֆեսբուքյան էջից: